2016-04-05 10:39:00

Պքերքէի մէջ հոգեւոր պետերու հանդիպում` Արամ Ա-ի եւ Գրիգոր Պետրոս Ի մասնակցութեամբ։


Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Պքերքէի  մարոնի Պատրիարքարանի նստավայրին մէջ տեղին ունեցաւ  Հոգեւոր Պետերու հանդիպում, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց  Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրարքն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ`  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Մարոնի Եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած Հոգեւոր Պետերու հանդիպման աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ անդրադարձաւ՝ Լիբանանի նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան, քրիստոնեայ-իսլամ համագոյակցութեան, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման, ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութեան եւ գաղթականներու հարցերուն։

 Ապա, ներկաները Ռայի Պատրիարքին ճաշի հիւրը եղան, որուն ընթացքին շնորհաւորեցին անոր պատրիարք ընտրութեան հինգերորդ տարեդարձն ու անուանակոչութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.